07/08/2026
ՄԵԾԱՒՈՐ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ
Հինգշաբթի, 6 Օգոստոս 2026-ի առաւօտեան, Մխիթարեան Միաբանութեան Միջին Արեւելքի առաքելութեան մեծաւոր՝ Հայր Մեսրոպ Վրդ. Սիւլահեան այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ։
Եղբայրական սիրոյ մթնոլորտի մէջ, Հայր Մեսրոպ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի, յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ Մխիթարեան Միաբանութեան վանքին եւ դպրոցներուն մէջ կատարուող գործունէութեան, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։
Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց այցելութեան համար, յաջողութիւն մաղթեց Միաբանութեան Հայրերուն եւ իր նորատիպ «Ամենասրբուհի Մարիամ Աստուածածինի Յաւերժ Կուսութիւնը» գիրքը եւ այլ նորատիպ գիրքեր նուիրեց անոնց։
#մխիթարեանմիաբանութիւն #մխիթարեան